ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
Մենք, շառաւիղներս բոլոր բեկորներուն՝ որոնք վերապրեցան աքսորին, ջարդերուն, եւ ամէն տեսակ բռնութիւններուն - առեւանգում, բռնի կրօնափոխութիւն, աւարառութիւն, յափշտակութիւն եւ քանդում - որոնցմով գործուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ .
Մենք, վկայ եւ զոհ ՝ ոճիրներուս պատճառաւ Թուրքիոյ Հայութեան կրած վնասին, ինչպէս նաեւ անոր իրաւունքներու կորուստին, անոր ինչքերու գրաւման, մօտ հարիւր տարիներ շարունակ անոր ընդդիմակայ՝ արդար դատաստանի մը զլացման .
Յանուն հայրենազուրկ եւ պանդխտութեան մատնուած մեր ծնողաց եւ նախնիներուն, եւ առ ի անհրաժեշտ հաստատումն շինիչ եւ արդարահաւասար յարաբերութիւններու բոլոր ազգերու միջեւ որոնց հասարակաց հայրենիքն է Փոքր Ասիան .
Առանց անտես առնելու նոյնիմաստ ձեռնարկներ որոնք կրնան այլաբար հանդէս գալ .
ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵՆԷՆ
Ամբողջական վերադարձը գրաւուած հայ ազգային կալուածներուն։ Անոնք բաղկացած են վանքերէ, եկեղեցիներէ, մատուռներէ, գերեզմանոցներէ, հիւանդանոցներէ, դպրոցներէ եւ այլ ազգապատկան շէնքերէ, ենթակայ սեփականութիւններով միասին, որոնց պատրաստ կամ լրանալիք ցանկերը տրամադրելի են հրատարակութիւններու կամ դիւաններու մէջ, գլխաւորաբար Թուրքիոյ պետական դիւաններուն՝ որոնք մինչ այս փակ կը մնան մեծ մասամբ։ Անոնք նկատի կ’առնուին շարժուն գոյքերով ՝ մասնաւորապէս արուեստակերտ իրերով եւ ձեռագիրներով հանդերձ։
Յիշեալ ինչքերուն վրայ կ’աւելնան այլ կարեւորագոյն յուշարձաններ որոնք, իրենց կարգին եւ նախորդներուն չափով, նոյնքան Հայաստանի պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան մասին կը վկայեն որքան օսմանեան Փոքր Ասիոյ հարստութիւնը կազմած՝ բազմամշակութային իրականութեան։
Ինչքերուս վերադարձը, սեփականացման դրութեամբ կամ պահպանական, կը պահանջուի առ ի գրանցում յանուն Կոստանդնուպոլսոյ-Իսթանպուլի Հայոց Պատրիարքարանին, որուն ձեռնհասութիւնը եւ իրավիճակը պէտք է ընդլայնին եւ ամրանան, կամ յօգուտ յատուկ հիմնարկներու որոնք իր հովանաւորութեան ներքեւ պիտի ստեղծուին զանոնք ստանալու համար։
Ան անհրաժեշտօրէն կ’ենթադրէ նախ փոխհատուցումը բոլոր երրորդ անձանց որոնք, վերոյիշեալ ինչքերու գրաւումը եւ վերաբաշխումը տնօրինող յաջորդական օրէնքներու գործադրութեան շնորհիւ, անոնց տէրերը, վարձակալները կամ զանոնք գործածողներն են այսօր, գտնուին սոյն ինչքերը պետական հասարակաց գետնի սահմաններուն մէջ, կամ օրինաւորապէս պատկանին անոնք բարոյական անձնաւորութեանց կամ անհատներու . անհրաժեշտօրէն կ’ենթադրէ նաեւ յուշարձաններու պաշտպանութեան, վերարժեւորման, նորոգութեան կամ վերաշինութեան ի նպաստ հատուցման միջոցառումներ, իսկ բոլոր մասնաւոր պարագաներու մէջ զորս յայտնելու է կացութեան մանրամասն քննութիւնը՝ միջոցառումներ փոխարինական տուժանքի։
Ան անհրաժեշտօրէն կ’ենթադրէ վերջապէս որ Թուրք Պետութեան կողմէ յատուկ սնտուկ մը կազմուի, գուցէ եւ ընդունակ միջազգային նպաստներ ստանալու, եկող տասնամեակներուն ընթացքին հոգալու համար համաշխարհային ծառայութեան նկարագիր կրող՝ փրկութեան եւ հատուցիչ դարմանումի հասարակաց այս գործը . անոր անպայման պիտի կցուի, որպէս գործավար խօսակից եւ իրաւասու միջամտող, Կոստանդնուպոլսոյ-Իսթանպուլի Հայոց Պատրիարքարանի շուրջ գոյացած գիտական, ճարտարարուեստական եւ իրաւաբանական հայկական մարմին մը։
Թուրքիոյ Հանրապետութենէն միաժամանակ կը պահանջենք վերահաստատումը նախկին եւ մանաւանդ հայկական տեղանուններուն, որոնցմով անուանուած էին կալուածներուս եւ յուշարձաններուս գտնուած տեղերը եւ, առ հասարակ, հայկական բնակավայրերը . ի մասնաւորի անոնց գրուիլը հայերէն լեզուով յիշեալ քաղաքներու, գիւղերու եւ այլ յատուկ վայրերու մուտքին ինչպէս նաեւ երկրին աշխարհագրութիւնը պատկերացնող ճանապարհային ցուցատախտակներուն վրայ։
Փարիզ, 2015 ապրիլ 13
Հատուցում ՝ 2015 Համախմբութիւն
Երկիր եւ մշակոյթ համազգային կազմակերպութիւն